2014-03-22 13:35:09

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` հանդիպում ''Քորալլօ'' ընկերակցութեան անդամներուն հետ։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, շաբաթ 22 մարտի առաւօտեան, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչը կարտինալ Մարք Ուելլէն, որմէ ետք ընդունեց Նիճերիոյ դաշնակցային հանրապետութեան նախագահ` էպելէ Ճոնադան Կոտլաքը, անոր կողակիցը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը։ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ընդունեց Վիէթնամի ազգային ժողովի նախագահ` Տիար Նկույեն Սին Հունկը հուսկ Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Քորալլօ'' ընկերակցութեան չորս հարիւր անդամներուն, որոնք կը զբաղին Ռատիոյի եւ հեռուստակայանի սփռումներով։
Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց թէ Քորալլօ ընկերակցութեան գործունէութիւնը կ՛ արտայայտէ Իտալիոյ Եկեղեցւոյ յանձնառումը` ըլլալու մօտիկ ամէն անհատի, խօսելու մարդոց այնտեղ ուր կը գտնուին, կ՛աշխատին, կ՛ապրին կը սիրեն ու կը տառապին։
''Դուք ցանց մըն էք'', ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով առաքեալներուն որոնք ձկնորսներ էին։ Դուք ալ – ըսաւ Քահանայապետը - կարող էք ըլլալ մարդոց որսորդներ, ձեր ռատիոներու եւ հեռուստակայաններու միջոցաւ։ Դուք ձայնն էք այն Եկեղեցւոյ որ վախ չունի մտնելու մարդու անապատը, ընդառաջելու անոր, զայն փնտռելու իր տատամսումներուն մէջ, անոր հետ երկխօսելով ու զրուցելով նաեւ այն մարդոց հետ որ զանազան պատճառներու բերումով հեռացած են քրիստոնէական հասարակութենէն։
Ձեր այս ցանցով կարող էք սատարել Յիսուս Քրիստոսի առաքելութեան, հռչակելու Աստուծոյ Արքայութեան աւետարանը, պատասխանատուութեան հոգիով անդրադառնալով կեանքի կարեւոր հարցերուն` հայող անհատին, ընտանիքին եւ ընկերութեան։ Այս կը պահանջէ անշուշտ համապատասխան մասնագիտութիւն որ ձեզ կը հրաւիրէ ըլլալու ''Բարի Սամարացիի'' Եկեղեցւոյ դիմագիծը – ըսաւ Քահանայապետը ու ապա Խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին ու զանոնք հրաւիրելով միասնաբար աղօթելու ''Ողջոյն քեզ Մարեամ'' աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.